2014-01-09 09:41:54

Վերահաստատելով հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեան հրամայականը`. Մարոնի Եպիսկոպոսները կոչ ուղղեցին տագնապներու մակարդակին համապատասխան կառավարութիւն մը կազմելու։


RealAudioMP3 «Անհրաժեշտ է, որ բոլորը գիտակցին Լիբանանին սպառնացող վտանգին ու առ այդ` տէր կանգնին կառավարութեան կազմութեան եւ նախագահական ընտրութեան իրենց պատասխանատուութեան», յայտարարեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ամսական ժողովէն բխած հաղորդագրութիւնը երէկ: Հաղորդագրութիւնը աւելցուց, որ ահաբեկումներու թէ ականուած ինքնաշարժներու հաւանականութեան մասին ահ ու սարսափ տարածելու փորձերը կը հարկադրեն, որ բոլորը գիտակցին իրենց պատասխանատուութեան, պահպանեն լիբանանեան հիւսուածքը եւ կազմեն տագնապներու մակարդակին համապատասխան կառավարութիւն մը:
«Ներկայ հանգրուանը կը պահանջէ երկխօսութեան եւ ազգային գիտակցութեան գերագոյն մակարդակի պատրաստակամութիւն», եզրափակեց հաղորդագրութիւնը:







All the contents on this site are copyrighted ©.